2015-11-03 09:52:00

Քաղդէացի եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ`''հաղորդութիւն եւ միութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացի եկեղեցւոյ Սիւնոդոսի աւարտին որ անցեալ օրերուն գումարուեցաւ Հռոմի մէջ, սիւնհոդոսական հայրերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին որուն մէջ ցաւով ընդգծեցին  Իրաքի ու Սուրիոյ  ընդհանուր  կացութեան վատթարացումը։

Գերերջանիկ Սաքօ Պատրիարքը իր շնորհակալութիւնը  յայտնեց բոլոր այն եպիսկոպոսներուն ու եկեղեցականներուն որոնք հանրային կարծիքին բացայայտեցին իրենց թեմերու ողբերգական իրավիճակը ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարեգործական մարմիններուն որոնք իրենց օգնութիւնը կը բերեն ամոքելու արտահան ու գաղթական  ընտանիքներու տառապանքը։ Հաղորդագրութեան մէջ եպիսկոպոսները ընդգծեցին ապա  անհրաժեշտութիւնը աշխարհական հաւատացեալներու գործօն ներկայութեան եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ խնդրեցին արտերկրի թեմերէն մերժել բոլոր այն կղերականները որոնք առանց արտօնութեան հեռացած են Իրաքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.